Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Կրճատէ «Սեւ Ցուցակը»

Ազրպէյճանական Haggin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ օտարերկրեայ չորս քաղաքացիներ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղ այցելելնուն համար նախապէս Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «անցանկալի անձերու» ցուցակին մէջ ներառուած էին, ցուցակէն դուրս բերուած են:

«Սեւ ցուցակ»-էն դուրս բերուած են Ռուսիոյ Տումայի անդամ Ալեքսէյ Միթրոֆանովի, «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանի Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավար Ճէյմս Պրուքի, ամերիկեան «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանի ուսանողներ Իվան Պենովիչի եւ Նիքըլըս Վոնտրայի անունները:

Առանց Ազրպէյճանի համամտութիւնը ստանալու Լեռնային Ղարաբաղ այցելած մարդիկ կը ներառուին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «անցանկալի անձերու» ցուցակին մէջ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ ամիս հրապարակած էր 335 օտարերկրացիներէ բաղկացած ցանկ մը, ուր ներառուած են Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան համար Պաքուի կողմէ «անցանկալի անձ» յայտարարուած անձեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES