Իրան Հէյկ-Զարիֆ Հանդիպումը «Դրական» Կը Նկատէ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնեց, որ Իրանի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի եւ Ուիլիըմ Հէյկի միջեւ երկուշաբթի օր Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը «դրական էր, որովհետեւ երկու կողմերուն արտօնեց տեսակէտներ փոխանակել եւ քննարկել շրջանային եւ սուրիական հարցերը»:
Ան աւելցուց, որ Իրան հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրած է Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման եւ սուրիացի ժողովուրդին ինքնիր ճակատագիրը ճշդելու կարելիութիւնը տալուն վրայ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարեց, որ «Իրանի հիւլէական թղթածրարը լուծելու պատմական առիթ մը գոյութիւն ունի»:
Իրանի նախկին նախագահ Մոհամետ Խաթեմի բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ Արեւմուտքին կոչ ուղղեց իրանեան դիւանագիտութեան կռնակ չդարձնելու:


