«Ազդակ»-ի Հաւաքածոն Կը Հարստանայ Ասատուրի Կրավիւրով
«Ազդակ»-ի աշխատակից եւ հանրաճանաչ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի ձեռամբ ստացանք ֆրանսահայ արուեստագէտ, բազմաթիւ արուեստի մրցումներու մրցանակակիր եւ միջազգային համբաւի տիրացած, Փարիզ քաղաքի կրավիւրի մրցանքին առաջնութիւնը գրաւած Ասատուրի նուէրը «Ազդակ»-ին: «Փոլիփթիք» անունը կրող կրավիւրը այսպիսով նշանակալիօրէն կը հարստացնէ «Ազդակ»-ի գեղանկարներու հաւաքածոն:
Մեր յատուկ շնորհակալութիւնները անուանի հայ արուեստագէտին:
CATEGORIES Գաղութային

