Երկու Ոսկի Մետալ` Ուժային Եռամարտի Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Հայկական լրատու աղբիւրներէն երէկ տեղեկացանք, որ երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերին Հունգարիոյ Էկեր քաղաքին մէջ սկսաւ ուժային եռամարտի (փաուըրլիֆթինկ) աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին հայ մարզիկները գերազանց արդիւնքներ արձանագրեցին:

Իրենց լուրը քաղելով Հայաստանի ուժային եռամարտի ֆետերասիոնէն` հայկական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ 75 քկ դասակարգին մէջ Սերկէյ Ասատուրով արձանագրելով 167,5 քկ արդիւնք մը գրաւեց առաջին դիրքը:

Իսկ 67,5 քկ դասակարգին մէջ Սեւակ Մանուկեան արձանագրելով 157,5 քկ արդիւնք մը, իր կարգին հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեանութիւն:

Մրցաշարքը կ՛աւարտի 29 սեպտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )