Ճատրակ. Հայաստան 26 Խաղացողով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Կրտսերներու Ախոյեանութեան
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 25 սեպտեմբերէն 8 հոկտեմբեր 2013-ին Պուտվայի մէջ (Մոնթենեկրօ) տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ճատրակի կրտսերներու երկսեռ ախոյեանութիւնը` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկան:
Հայաստան այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 26 ճատրակ խաղացողներով (երկսեռ):
Սկիզբը տեղի պիտի ունենայ պլիցի եւ արագ ճատրակի մրցաշարքը, որմէ ետք` քլասիքը:
Նշենք, որ միայն 4 հոկտեմբերը պիտի ըլլայ հանգիստի օր:
Մրցումներուն ուղղակիօրէն կարելի է հետեւիլ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն:
CATEGORIES Մարզական

