Մովսիսեան Եւ Օզպիլիս Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սպարտակ Մոսկուայի երկու ֆութպոլիստներ Եուրա Մովսիսեան եւ Արազ Օզպիլիս հրաւիրուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական:
Ռուսական ակումբին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար նշուած է. «Մովսիսեան եւ Օզպիլիս հրաւէր ստացան միանալու Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին, որ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, զտումի մրցումներուն գծով 11 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Պուլկարիան, իսկ 15 հոկտեմբերին Նափոլիի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ»:
CATEGORIES Մարզական

