Սապունճեան Միջազգային Կազմակերպութիւններէն Պահանջեց Առաջնահերթութիւն Տալ Լիբանանեան Արտադրութեանց
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան արտադրութիւններէն օգտուելու կարելիութիւնները` սուրիացի գաղթականներուն մատուցուող ծառայութեանց թէ կարիքներու հայթայթումին մէջ: Սապունճեան թելադրեց միջազգային կազմակերպութեանց սուրիացի գաղթականներուն տրամադրած արտադրութեանց մէջ նկատի ունենալ լիբանանեան արտադրութիւնները եւ օգտագործելու կարելիութիւնները:
«Ինչ որ կը հետաքրքրէ մեզ լիբանանեան տնտեսութեան զարկ տուող միջոցառումներն են, ինչ որ գաղթականներուն նպաստաբաշխ երկիրներէն գործակցութիւն եւ զօրակցութիւն կ՛առաջադրէ», ընդգծեց Սապունճեան:
CATEGORIES Լիբանանեան


