«Ազգային Ազատ Հոսանքը Զօրավար Աունով Վերջ Չի Գտներ» Ընդգծեց Երեսփոխան Միշել Աուն

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութենէն հրաժարելու իր մտադրութիւնը` ընդգծելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը զօրավար Աունով վերջ չի գտներ: Ան այս գծով նախ եւ առաջ բժիշկի այցելելու իր մտադրութիւնը բացայայտեց:

Միւս կողմէ, զօրավար Աուն քննադատեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող փորձերը: Համախմբումի շաբաթական հերթական նիստի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ զօր. Աուն ուղղակիօրէն քննադատեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ «կ՛անտեսէ ընդունուած սովորութիւններն ու անգիր օրէնքները»: Աուն նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան ձախողութեան գլխաւոր պատճառը վարչապետ Սալամի ցուցաբերած մօտեցումն է:

Միւս կողմէ, համախմբումի նիստին մասնակից աունական ղեկավար մը զօրավար Աունին վերագրելով իր խօսքերը յայտնեց, թէ Աուն ժողովականներէն պահանջած է մինչեւ վեց ամիս զինք փոխարինող ղեկավարի մը թեկնածութեան անունին մասին մտածել: Ան հերքեց, թէ Աուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Լիբանանի նախագահական յառաջիկայ ընտրութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES