Պղտոր Ջուրի Մէջ Որսալ Փորձողները Լռեցնելով. Հարաւային Արուարձաններու Ապահովական Ծրագիրը Կը Շարունակէ Գործադրուիլ` Առանց Յիշարժան Միջադէպի

Լիբանանեան բանակի զինուորներ խուզարկութիւն կը կատարեն

Լիբանանեան թէ արտաքին առնչակից կողմերու ուշադրութիւնը երէկ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի խորհրդակցութեանց կողքին կեդրոնացաւ նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ ձեռնարկուող ապահովական ծրագիրի գործադրութեան վրայ:

Արդարեւ, միջադէպերու բացակայութեան եւ շրջանի բնակչութեան սիրալիր ընդունելութեան մթնոլորտին մէջ քայլ առ քայլ գործադրուող ապահովական հանգրուանային ծրագիրը, իր ստեղծած գոհունակութեան մթնոլորտով, «ջրեց» «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ» փորձող յոռետես կարգ մը կողմերու ենթադրութիւնները` ծրագիրի ձախողութեան գծով:

Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ

Երէկ երկրորդ օրն ըլլալով լիբանանեան բանակի, ընդհանուր եւ ներքին ապահովութեան ուժեր շարունակեցին իրենց դիրքաւորումը Հարաւային արուարձաններու նախօրօք ճշդուած անցարգելներուն վրայ: Այս ծիրին մէջ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ շրջագայեցաւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ` մօտէն հետեւելով գործադրուող միջոցառումներուն:

«Երբ կազմ ու պատրաստ ըլլանք, պիտի կարենանք երթալ լիբանանեան որեւէ շրջան` ապահովութեան հսկելու համար», ընդգծեց Իպրահիմ` հարցումի մը պատասխանելով:

Share this Article
CATEGORIES