Նախքան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Իր Արտասանելիք Խօսքը. Նախագահ Սլէյման Իր Հանդիպումները «Պսակադրեց» Օպամայի Հետ Խորհրդակցելով
Շարունակելով իր հանդիպումները ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղի քուլիսներուն մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի կացութեան հետեւող ու առնչակից երկիրներու եւ մարմիններու պատասխանատուներուն հետ:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման նախքան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին իր խօսքը արտասանելը, անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ Միջազգային դրամատան նախագահ Ճիմ Եունկ Քիմի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:
Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Լիբանանը յուզող հրատապ եւ զգայուն հարցերը, որոնք անմիջական ու արմատական լուծումներու կը կարօտին:
Այս ծիրին մէջ դէտերու ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ նախագահ Սլէյմանի հանդիպումներուն շարժումներուն, արտասանելիք խօսքին եւ առնելիք յաջորդ քայլին վրայ: Արդարեւ, միջազգային պատկան կողմերու զօրակցութիւնն ու նպաստը պահանջող իր խօսքէն ետք կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման այսօր` չորեքշաբթի երեկոյեան ուղղուի Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրի եւ շնորհաւորելով Սէուտական Արաբիոյ անկախութեան տօնը: Այս այցելութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ուշադրութիւնը սեւեռելու Լիբանանի վրայ, յատկապէս սուրիացի գաղթականներու օժանդակելու գծով:
Նմանապէս նախագահ Սլէյման այսօր կը նախագահէ Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միջազգային մարմինի ժողովին, ուր սակայն հիմնական մարտահրաւէր մըն է օժանդակութեան թէ զօրակցութեան խօսքերը գործի վերածելու կարելիութիւնը:
ՄԻՒՍ կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ կողմնակի տեսակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները:


