Արցախ. Նախագահ Սահակեան Մասնակցեցաւ Արցախի Հանրապետական Բժշկական Կեդրոնի Նոր Համալիրի Բացման
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ մասնակցեցաւ Հանրապետական բժշկական կեդրոնի նոր համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սահակեանի բնութագրումով` երկրի գլխամասային բժշկական հաստատութեան գործունէութիւնը նոր որակ պիտի հաղորդէ Արցախի մէջ առողջապահութեան մարզի զարգացման, տարբեր հիւանդութիւններու կանխարգիլման, ախտորոշման եւ բուժման հոլովոյթներուն:
Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին Հանրապետական բժշկական կեդրոնի նոր համալիրի կառուցման համար` ընդգծելով, որ ատիկա հայրենասիրութեան եւ հարազատ ժողովուրդին նուիրուածութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է:
Հանդիսաւոր ձեռնարկին կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր արտերկիրէն:

