Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսներ Ողջունեցին Զիրար Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին Մէջ

24-27 սեպտեմբեր 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուելիք հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովի բոլոր մասնակից եպիսկոպոսները երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերի գիշերուան ժամը 10:00-ին, Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ հաւաքուած, Կանոնական աղօթքի մասնակից դարձան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, երբ ան Պէյրութէն ուղղակի թռիչքով ժամանեց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին:

Իջման Ս. սեղանին առջեւ երկու վեհափառ հայրապետները ծնրադրելէ ետք, սաղմոսերգութեամբ գոհութիւն ընծայեցին Ամենակալ Աստուծոյ: Ապա, Գարեգին Բ. վեհափառ եղբայրական սիրոյ արտայայտութեամբ ողջունեց Արամ Ա. վեհափառի ժամանումը Ս. Էջմիածին, ու վեր առաւ յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք Եպիսկոպոսաց ժողովին նախախնամական գումարումը, յատկապէս շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին կը զուգադիպի ան:

Ապա, Արամ Ա. վեհափառ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ անգամ մը եւս Մայր հայրենիքի ու Ս. Էջմիածնի մէջ գտնուելուն առիթով, ողջունեց նուիրապետական Ս. աթոռներու եպիսկոպոսաց դասու անդամները` սոյն սրբագումար հանդիպումը նկատելով հայ եկեղեցւոյ պատասխանատուներու գիտակից մօտեցում, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւոր սպասաւորութեան բարեկարգման ի խնդիր: Ան նաեւ անդրադարձաւ 22 տարիներ առաջ կերտուած Հայաստանի անկախութեան եւ անցնող տարիներուն ընթացքին հայ ժողովուրդի դիմադրողական ոգիին` անդրանցնելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւնները:

Եկեղեցական կարճ արարողութենէն ետք, վեղարաւորներու թափօրով, զոյգ վեհափառ հայրապետները ուղղուեցան դէպի վեհարան: Դիւանատան դահլիճին մէջ անոնք կարճ հանդիպում ունեցան եպիսկոպոսաց դասուն հետ, եւ առանձնակի զրոյց` յաջորդ օրէն սկսող համաժողովի աշխատանքներուն առնչութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES