Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբ. Արձանագրութեան Վերջին Պայմանաժամը` 11 Հոկտեմբեր

Ինչպէս ծանօթ է, 10 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը, որ կը կրէ «Վազենք Լիբանանի համար» անունը:

Պէյրութի մարաթոնի միութեան պատասխանատուներէն Ուիսամ Թըրրօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 11 հոկտեմբերը, որմէ ետք վերջնականապէս կը մերժուին բոլոր դիմումները` Մարաթոնին մասնակցելու համար:

Արձանագրութիւնները կը կատարուին հետեւեալ վայրերուն մէջ. «Սիթի Մոլ»-Տորա, «Սայտա Մոլ», «Ա. Պէ. Սէ.»-Էշրեֆէի-Պէյրութի ծովեզերեայ շրջան, Պէյրութի շուկաներ եւ Պէյրութի Մարաթոնի միութեան գրասենեակները-Մար Թաքլա-Հազմիէ:

Կարելի է նաեւ արձանագրուիլ առցանց` համացանցէն, ինչ որ առաջին տարին ըլլալով կը սկսի կիրարկուիլ:

Share this Article
CATEGORIES