Պորուսիա Տորթմունտ «Պունտըսլիկա»-ի Ամէնէն Արդիւնաւէտ Ակումբն Է

Իր լուրը քաղելով sport-express կայքէջէն` ArmSport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ն ներկայիս Եւրոպայի 5 ամէնէն աւելի զօրաւոր ախոյեանութիւններէն ամէնէն արդիւնաւէտն է:

«Պունտըսլիկա»-ի առաջին հինգ հանգրուաններուն ընթացքին մէկ մրցումի միջին արդիւնաւէտութիւնը կը կազմէ 3,26 կոլ:

Ախոյեանութեան ամէնէն արդիւնաւէտ ակումբը ներկայիս Պորուսիա Տորթմունտն է, որ նշանակած է 16 կոլ:

Պայէր Լեւերքուզըն եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ նշանակած են 15-ական կոլ, իսկ Պայէր Միւնիխ` 13 կոլ:

Նշենք, որ Տորթմունտի մաս կազմող Հենրիխ Մխիթարեան «Պունտըսլիկա»-ի 3 մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ եւ դարձած 1 կոլի փոխանցման հեղինակ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )