Թենիսի Մրցաշարք` «Հիլթըն Մեթրոփոլիթըն»-ի Դաշտերուն Վրայ
Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, կիրակի, 29 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Հիլթըն»-ի թենիսի 10 տարեկանէն վար երկսեռներու մրցաշարքը` «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ (Հըրշ Թապեթ, Սին էլ Ֆիլ):
Անիկա տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատան:
Մրցումները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ պիտի աւարտին ժամը 15:00-ին: Ապա տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը` կէսօրուան ճաշէն ետք:
Արձանագրութեան համար կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-733127 եւ 76-789500:
Նշենք, որ վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ երեկոյեան:
CATEGORIES Մարզական

