Քինկ Նշանակուեցաւ Իրլանտայի Մարզիչ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրլանտայի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ Նոել Քինկ ժամանակաւոր ձեւով նշանակուեցաւ Իրլանտայի ազգային խումբի մարզիչ` յաջորդելով Ճիովաննի Թրափաթոնիի, յայտնեց Իրլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:

Իտալացի 74 տարեկան Թրափաթոնի, որ 2008-ին նշանակուած էր մարզիչ, երկու շաբաթ առաջ ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ անոր կազմը Շուէտէն եւ Աւստրիայէն պարտութիւն կրելէ ետք վերջնականապէս կորսնցուց իր յոյսերը` 2014-ի Մոնտիալի աւարտականներուն տոմս մը ապահովելու:

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Սելթիքի եւ Սանտըրլենտի նախկին մարզիչ Մարթին Օնիլ պիտի յաջորդէ Թրափաթոնիի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )