Համպուրկ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը
Գերմանական Համպուրկ ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ հոլանտացի մասնագէտ Պերթ Վան Մարվէյք, նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: 61 տարեկան Մարվէյք երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Պունտըսլիկա»-ի կազմին հետ:
Նշենք, որ ան յաջորդեց Թորսթըն Ֆինքի, որ կորսնցուց իր պաշտօնը` այս նոր տարեշրջանը բաւական ձախողութեամբ սկսելուն համար:
CATEGORIES Մարզական