Կինիաք Աւելի Քան 10 Օր Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
«Լիկ-1»-ի կազմերէն Մարսէյի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջապահ Անտրէ – Փիեռ Կինիաք շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել 1 հոկտեմբերին Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումին:
Կինիաք, որ վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, աւելի քան 10 օր պիտի բացակայի դաշտերէն:
Նշենք, որ երկու կազմերն ալ այդ մրցումին պիտի փորձեն ապահովել մրցաշարքի իրենց առաջին կէտերը:
CATEGORIES Մարզական