Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը յարմար է մշակութային ձեռնարկներու ներկայ ըլլալու համար, օրինակ` ցուցահանդէս, երգահանդէս կամ շարժապատկեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի համար անպէտք եղած իրերը ծախեցէք, մի՛ անտեսէք անոնց բերած գումարը: Կրնաք այլ ծրագիրներու համար ծառայեցնել զայն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր տեսակէտը պիտի ընդունուի: Զրոյց-հանդիպումի մը ընթացքին: Եղէք ինքնավստահ, կառչեցէք ձեր կարծիքներուն, որոնք օգտաշատ են:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արտայայտեցէք ձեր բաղձանքը. եւ ձեր հոգերը: Հոգեկան թեթեւութիւն կ՛ունենաք: Դժուար է ամէն ինչ տանիլ ու հանդուրժել առանձին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ժամանակ անցուցէք ձեր բարեկամներուն հետ` զուարճանալով եւ կարծիք փոխանակելով: Բարեկամութիւնը իսկական գանձ է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դրական փոփոխութիւն մը կայ ձեր կեանքին մէջ: Մնացէք լաւատես եւ յուսալի: Ուրախութիւնը պիտի թակէ ձեր դուռը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր նախազգացումը ձեզ պիտի տանի դէպի խաղաղ նաւահանգիստ: Մի մտահոգուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նախ վճարեցէք ձեր մուրհակները, ապա մտածեցէք ծախսել ձեր հաճոյքին համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկխօսութիւնը պիտի լուծէ բոլոր հարցերը եւ թիւրիմացութիւնները: Համարձակ եւ հասկցող եղէ՛ք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր երազանքները անիմաստ բաներ են: Ուշադիր եղէք պատրանքներ սնուցանելէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հաճոյք պիտի առնէք շինիչ մանրամասնութիւններէ, որոնք կը զգացնեն ձեր գոյութեան իրաւութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փոքրահասակ անձերու պիտի տաք լաւ դասեր եւ դաստիարակիչ միտքեր, օգտակար պարտականութիւն:

