Արսալի Մէջ Մերժելով Բանակի Անցարգելին Առջեւ Կանգ Առնել`. Մէկ Զոհ Եւ Երկու Վիրաւորներ Կ՛արձանագրուին Օրինազանցութեան Պատճառով

Մէկ զոհ եւ երկու վիրաւորներ արձանագրուեցան երէկ կանուխ առաւօտուն Արսալի Այն Շաապ շրջանին մէջ, երբ սուրիացիներ փոխադրող «Վան» փոխադրակարք մը մերժեց կանգ առնել լիբանանեան բանակի անցարգելին առջեւ:

Մէկէ աւելի ազդարարութիւններէ ետք, անցարգելի բանակային տարրերը հարկադրուած եղան կրակ բանալու օրինազանցներուն դէմ, յայտնեց այս գծով հրապարակուած բանակի հաղորդագրութիւնը:

Սուրիացիներէն մէկը կրցած է փախուստ տալ, մինչ վարորդը աւելի ուշ ինքզինք յանձնած է բանակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES