Կացութեան Բարելաւումի Դրական Յոյսերու Մթնոլորտին Մէջ. Կարգ Մը Ղեկավարներ Կը Մերժեն Կատարուած Իրողութեան Կառավարութեան Մը Կազմութեան Հաւանականութիւնը

Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումէն պահ մը

Վերջերս քաղաքական կարգ մը շրջանակներ սկսան արծարծել կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմութեան մը հաւանականութիւնը, ինչ որ դուռ բացաւ փոխադարձ հակազդեցութիւններու:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հերթական իր հանդիպումին ծիրին մէջ, երեսփոխաններուն հետ արծարծեց այս հարցը` մերժելով կատարուած իրողութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը: Շեշտելով իր առաջադրած ազգային երկխօսութեան նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը` Պըրրի ընդգծեց, որ ուրիշ ելք չկայ դիմակալելու համար քաղաքական հիմնական հարցերը: Պըրրի նաեւ շեշտեց, որ օրէնսդիր ժողովի գումարման իր կոչը նախ եւ առաջ կը մեկնի սահմանադրական սկզբունքներէն եւ կը միտի պահպանել խորհրդարանի դերն ու լիազօրութիւնները:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն երէկ լիբանանեան «Էն. Պի. Էն.» կայանէն պատկերասփռուած իր հարցազրոյցին մէջ դէմ արտայայտուեցաւ կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմութեան: «Կը գտնուինք երեք հաւանականութիւններու դէմ յանդիման.

ա.- Կա՛մ կը կազմուի համապարփակ ու քաղաքական հաւասարակշռութիւնները յարգող կառավարութիւն մը,

բ.- Կա՛մ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կը կազմուի, եւ կա՛մ ներկայ կացութիւնը կը շարունակուի:

Աուն հարց տուաւ, թէ արդեօք կ՛ուզենք կացութի՞ւնը բարդացնել, թէ` զօրավիգ ենք քաղաքական կայունութիւնը ամրապնդող կառավարութեան կազմութեան:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան մերժեց նման կառավարութեան մը կազմութիւնը` նշելով, որ «մերթ ընթ մերթ կ՛իմանանք ազգային միասնականութեան համապարփակ կառավարութեան մը կազմութեան մասին, ինչ որ սակայն խորքին մէջ կը միտի կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը դառնալ, ինչ որ ընդունելի չէ»:

Share this Article
CATEGORIES