Իր Գործադրութեան Երրորդ Օրն Ըլլալով. Հարաւային Արուարձաններու Ապահովութեան Ծրագիրը Կը Շարունակէ Գոհունակութիւն Ներշնչել Քաղաքացիներուն

Մարուան Շարպել` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Իր գործադրութեան երրորդ օրն ըլլալով` Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ապահովութեան ծրագիրը կը շարունակէ գոհունակութիւն ներշնչել քաղաքացիներուն` անդորրութեան ամրապնդման իր ճիգերով:

Այս իմաստով, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել իր գոհունակութիւնը յայտնեց ծրագիրի գործադրութեան ստեղծած դրական մթնոլորտին գծով: Ապահովական միջոցառումներու առաջին օրուան արդիւնքներուն անդրադառնալով` Շարպել նշեց, որ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած, առանց օրինական փաստաթուղթերու օտար շրջագայողներ եւ նմանօրինակ օրինազանցութիւններ կատարողներ արգելափակուած են: «Հիմնականը սակայն ռմբահարումի թէ ապահովական խախտումի փորձերը կանխարգիլելն է», ընդգծեց Շարպել:

Միւս կողմէ, Թրիփոլիի մէջ նմանօրինակ ծրագիրի մը գործադրութեան անդրադառնալով` Շարպել ըսաւ. «Թրիփոլիի հարցը քաղաքական է` աւելի քան ապահովական, եւ եթէ այդտեղի քաղաքական ղեկավարները համաձայնին, վստահաբար նման ծրագիր մը հոն ալ կը յաջողի»: Ան յոյս յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ ապահովութեան ծրագիրի գործադրութեան յաջողութիւնը դրական փորձառութիւն ըլլայ եւ նախաքայլ նկատուի նմանօրինակ քայլերու ընդհանրացման` այլ շրջաններու մէջ եւս:

Լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ կատարած իր յայտարարութեամբ Շարպել հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին մնացած հազուագիւտ լիազօրութիւններու շարքին ան իրաւունք ունի լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու յատուկ հրամանագիրով, առանց որ անիկա լոյս տեսնէ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Շարպել նախընթացներ նշեց այս գծով, երբ հանրապետութեան նախագահը լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհած էր Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին:

Նմանապէս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին մասնակից երեսփոխաններուն հետ իր զրոյցին պահուն գոհունակութիւն յայտնեց Հարաւային արուարձաններուն մէջ կիրարկուող ապահովական ծրագիրի արդիւնքներուն գծով:

Share this Article
CATEGORIES