Պարսելոնա Այժմէն Իսկ Հետաքրքրուած` Չելսիի Երեք Ֆութպոլիստներով
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Sport.es կայքէջը կը յայտնէ, որ Պարսելոնա այժմէն իսկ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Չելսիի երեք ֆութպոլիստներ:
Սպանիոյ ախոյեան Պարսա շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ֆեռնանտօ Թորեսով, Խուան Մաթայով եւ Սեզար Ասփիլիքուեթայով, որոնք մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի վերադարձէն ետք դաշտ ներկայանալու շատ քիչ առիթ կ՛ունենան:
Այնպէս կը թուի, որ Պարսելոնա վերոնշեալ երեքով հետաքրքրուած է` նկատի ունենալով, որ այս տարեշրջանի աւարտին անոնք շատ հաւանաբար կազմէն հեռացող Տենի Ալվեսի եւ Մարթին Մոնթոյայի փոխարինողները ըլլան:
CATEGORIES Մարզական