2014-ի Մոնտիալ. Ուալքոթ Բացակայ` Անգլիոյ Կատարելիք Մրցումներէն
Արսենալի հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշուեցաւ, որ Թէօ Ուալքոթ, որ վիրաւոր է, պիտի բացակայի Անգլիոյ կատարելիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներէն:
Ը. խմբակին պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Անգլիա, որ կէտով մը կը գերազանցէ Ուքրանիան եւ Մոնթենեկրոն, 11 եւ 15 հոկտեմբերին յաջորդաբար պիտի հիւրընկալէ Մոնթենեկրոն եւ Լեհաստանը:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մրցումները ոչ միայն Անգլիոյ, այլեւ եւրոպական բոլոր երկիրներուն համար պիտի ըլլան 2014-ի Մոնտիալի վերջին մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Պրազիլ մեկնող խումբերուն անունները:
CATEGORIES Մարզական

