«Պետութեան Պիւտճէն Մնացած Է Մետալակիր Մարզիկներու Յոյսին» Կ՛ըսէ Ալավերդեան
«Մարզական աշխարհին մէջ ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալները մարզիկներուն սեփականութիւնը չեն: Անոնք պետութեան նուաճումն են: Սակայն Հայաստանի մէջ, այդ բոլորին ամբողջութեամբ տարբեր կը նային: Մարզիկի մը տիրացած մետալը կ՛ենթարկուի մաքսազերծման` 47 հազար դրամով: News.amSport-ին ըսած է Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փաշիկ Ալավերդեան:
2011-ին Համաշխարհային ուսանողական խաղերուն Հայկ Յակոբեանի տիրացած պրոնզէ մետալին համար Հայաստանի մէջ մաքսազերծման գումար պահանջած են:
Վերոնշեալ հայկական լրատուամիջոցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ալավերդեան ըսած է.
«2011-ին մեր լաւագոյն ծանրաբարձներէն Հայկ Յակոբեան Համաշխարհային ուսանողական խաղերուն գրաւեց 4-րդ դիրքը: Ոսկի մետալակիրէն խլուեցաւ առաջնութիւնը, երբ ի յայտ եկաւ, որ ան խթանիչ դեղեր գործածած է: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ մեր մարզիկը բարձրանայ երրորդ դիրք եւ տիրանայ պրոնզէ մետալին: Ուսանողական խաղերու միջազգային կազմակերպութիւնը պրոնզէ այդ մետալը ուղարկեց Հայաստան: Սակայն այդ մետալը այժմ կը մնայ Հայաստանի Արարատեան մաքսատան մէջ:
«Այդ մետալը Հայաստան մուտք գործելու համար 47 հազար դրամի մաքսազերծում կը պահանջեն:
«Կ՛ըսեն, որ այդ գումարը վճարեցէ՛ք, ձեզի մետալը կու տանք: Անիկա ընդամէնը կ՛արժէ 10 եւրօ, մեր դրամանիշով` 5 հազար դրամ:
«Անոնք մեզի կ՛ըսեն, որ մենք ծախս ըրած ենք, այդ մետալը առած, բերած եւ հոս հասցուցած, եւ պէտք է զայն մաքսազերծենք:
«Ի՞նչ կը նշանակէ մարզիկի մը տիրացած մետալը մաքսազերծել: Անիկա մարզիկին անձնական մետալը չէ, այլ` պետութեան անուն-մականունը:
«Իսկապէս ծիծաղելի է անոր համար 47 հազար դրամ պահանջել: Անընդունելի է այդ գումարը պահանջել այդ մետալին համար»:

