Վլադիկ Կարապետեան Տիրացաւ Պրոնզէ Մետալին
Հայաստանը ներկայացնող Վլադիկ Կարապետեան պրոնզէ մետալի տիրացաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
69 քկ դասակարգին մէջ ան արձանագրեց 288 քկ արդիւնք մը (127 եւ 161) եւ յայտնուեցաւ 3-րդ դիրքին վրայ:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Վարդան Միլիտոսեան հանդիսացաւ չորրորդ` արձանագրելէ ետք 285 քկ արդիւնք մը (130 եւ 155):
Այսպիսով, Հայաստան տիրացաւ իր երրորդ մետալին` նկատի ունենալով, որ Սմբատ Մարգարեան (56 քկ) արձանագրած էր 241 քկ արդիւնք մը:
CATEGORIES Մարզական