Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կ՛ազդուիք քննադատութիւններէ: Պաշտպանեցէք դուք ձեզ ամէն պարագայի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ձեր կառքով երկար ճամբայ պիտի երթաք, ուշադիր եղէք, պարբերաբար դադար առէք` հանգստանալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այնքան ատեն որ գործատէր էք, պէտք է որ յստակօրէն հասկցնէք ձեր ուզածը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի օգտագործէք հրապուրելու ճիշդ ժամանակը: Անդիմադրելի ուժ ունիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անտարբեր մի՛ ըլլաք, գիտցէք համբերել, որպէսզի կարենաք յաջողիլ եւ խաղաղ մնալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարեկամ մը պիտի առաջարկէ ձեզի հետեւիլ իրեն` որոշ աշխատանք մը իրագործելու: Ընդունեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզը գրեթէ դադրած է: Շրջահայեաց եղէք յաջողելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր արկածախնդրութեան սէրը եւ չափազանցութիւնները պիտի սանձէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի մերժէք պարտադրուած լաւատեսութիւնը: Եսակեդրոն մի՛ ըլլաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ոմանք պիտի ճանչնան ձեր կարողութիւնները, բայց նոյն ատեն պիտի անտեսեն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուժական էք, գործնական եւ դրական: Ամէնքը կը սիրեն ձեզ այս ձեւով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիպային երեկոյթ մը հաւանական է, պատրաստուեցէք ներկայ ըլլալու: