Յուշ Եւ Խոհ` Հայկական Դպրոցներու Վերամուտին Առիթով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Խօսիլ եւ գրել հայ դպրոցի մասին` նոյն եղանակը նուագելու կը նմանի: Թուականն ալ որոշ է. վերամուտին կամ տարեվերջին: Այսպէս ենք, գրող, լսող, ցոյց տալու համար, որ դեռ կանք:

Ոչ շատ հեռաւոր անցեալի վկայութիւններ եւ փաստեր կան, երազի նմանող: Եթէ բաղդատուինք, պիտի տեսնենք, որ հայկական համարուած դպրոցները հուն փոխած են, հայ մարդոց ազգային գիտակցութեան պատկերով:

Հարազատութիւնները անզգալաբար մաշումի ենթարկուած են, ինչպէս լեռները` հարուածուելով բնութեան տարերքէն: Անոնք չեն անդրադառնար, իսկ մարդը օժտուած է հասկնալու կարողութեամբ: Մեծ իմաստասէր Պլեզ Փասքալ կ՛ըսէր իր «Մտածումներ» գիրքին մէջ, որ տիեզերքը զինք կը ճզմէր, բայց այդ չէր գիտեր, իսկ ինք գիտէր:

Բացի փոքրամասնութենէ մը, մեր ժողովուրդը, նաեւ Հայաստան, կ՛անդրադառնա՞յ, որ հայ դպրոցը հուն փոխած է: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ի՞նչ են եւ ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները:

Անցեալին, մեր գրողներու, հրապարակագիրներու, ուսուցիչներու եւ ազգային գործիչներու ստուար մեծամասնութիւնը բախտը չէր ունեցած բարձրագոյն ուսմանց հետեւելու, հայկական նախակրթարանի կամ երկրորդականի վկայականով մտած էին կեանքի ասպարէզ: Հայերէն եւ պատմութիւն սորված էին, բծախնդրութեամբ եւ հաւատքով, գրականութիւն մշակած էին: Առանց մեծ բառերու` բնազդական կերպով «ազգապաշտպանութեան ռազմավարութիւն» գիտէին: Հայ մնացած էին եւ հայ պահած էին:

Այսինքն ազգ ժառանգած էին եւ ազգ կտակեցին:

Այսօր ոչ ոք կրնայ թիւով-թուանշանով ըսել, որ սփիւռք(ներ)ի դպրոցական տարիքի տղոց ո՞ր տոկոսը կը գտնուի հայերէն սորվեցնող հայկական վարժարանի մէջ: Այս` նոյնիսկ ուժական համարուած համայնքներու պարագային:

Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ երկրորդական վարժարան աւարտածներու ո՞ր տոկոսը «շնորհքով» հայերէն մէկ էջ կրնայ գրել: Նոյնիսկ Հայաստան, ուր պատահեցաւ, որ ահազանգ հնչեցնեն մայրենիի տեղատուութեան մասին` համալսարան մուտքի քննութիւններուն:

Կեդրոնանալով սփիւռք(ներ)ի վրայ` հայկական վարժարանի բովէն չանցած սերունդը ի՞նչ պիտի ժառանգէ ինչպիսի ինքնութիւն մը ունենալու համար եւ ի՞նչ պիտի կտակէ:

Առաջին հերթին «ղեկավարութիւնները» այս հարցումին պատասխան պէտք է ճարեն:

Բայց պայման է, որ հայկական մեծ կազմակերպութեան մը գլխուն նստած, մշակոյթ եւ պատմութիւն չգիտցող, հազիւ խօսակցական տնավարի հայերէն մը խօսող անձին պէս, իրենք զիրենք օրինակ չհամարեն ամբարտաւանութեամբ ըսելու, որ իրենք հայկական դպրոց չեն գացած, բայց «նախագահ» են… Այդ պարագային պէտք չէ զարմանալ, երբ հայկական համարուած կեանքը կը դառնայ առեւտուր եւ հանգամանք, «հայկական»-ը կը դառնայ գեղօր վաճառողի ցուցափեղկ կամ կը մտնէ մահաքուն…

Ազգովին կարծէք կորսնցուցած ենք հայ ազգային տեսիլքով ապագայի հաւատքը, եւ գործնապաշտութիւնը վարակած է հայ կեանքը, այդ ալ` սպառողական եւ նիւթապաշտական անմիջականի հզօր ցանկութիւններով:

Իրականութիւնը բաց աչքով պէտք է դիտել` առանց կեղծիքի տեսնելու եւ ըստ այնմ գործելու համար:

Ամերիկայի մէջ, վաթսունականներէն ասդին բազմացան հայկական վարժարանները: Բայց այդ վարժարանները յաճախող աշակերտներուն թիւը, տոկոսային հաշուով ի՞նչ կը ներկայացնէ` բաղդատած անոնց սերնդակիցներուն:

Անցեալին յիշած եմ պարագայ մը. ամերիկեան պետական ՄԷԿ վարժարանէ շրջանաւարտ հայ տղոց թիւը եղած էր շուրջ չորս հարիւր, երբ մեր բոլոր վարժարաններու շրջանաւարտներու համագումար թիւը այդքան չէ:

Ֆրանսայի մէջ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներու թիւը հազիւ հազարը կ՛անցնի, երբ անոնց սերնդակիցները ինիսուն հազար եւ աւելի են:

Նոյնիսկ Լիբանանի մէջ ուր դպրոցներ կը փակուին կամ կը միացուին, բանակ կը կազմեն ոչ հայկական վարժարան յաճախողները, ի հարկէ, ծնողներու «յաջողութիւն ապահովելու բան չնշանակող մանկավարժութեամբ», որ կը սահմանուի եւ կը սահմանափակուի «հայերէնը փոր չի կշտացներ»-ով:

Դեռ պէտք է փաստել, որ հայկական վարժարան յաճախողը կեանքի մէջ նուազ կը յաջողի, կամ նուազ կը տիրապետէ լեզուներու եւ գիտութեան:

Այս ճնշումներուն տակ, հայկական վարժարաններն ալ, ծնողական ակնկալութիւններու ճնշման տակ, հակառակ ըսուածին, տեղի կու տան հայերէնի ուսուցման պարագային: Փաստ է, որ նորահաս սերունդի հայերէնը խճճուած է օտար բառերով եւ ասութիւններով: Հազուագիւտ են հայ տղաքը, որոնք մաքուր համարուած հայերէնով էջ մը կարենան գրել:

Իսկ ուրկէ՞ պիտի գան հայ գրողները, հրապարագիրները, խօսնակները, դերասանները: Այս հարցումին ո՞վ պատասխան պիտի տայ:

Սփիւռքը, իր ամբողջութեամբ, պահ մը փակագիծի մէջ դնելով իր նախշուն «զգացական հայրենասիրութիւնը», ապագայի նախատեսութեամբ, պիտի պատասխանէ հարցումին, եթէ անբուժելի հաւկուրութենէ չի տառապիր:

Դադրած ենք բացայայտօրէն քննադատելէ «նախագահ»-ը, որ կ՛ըսէ, թէ հայկական դպրոց չէ գացած բայց «նախագահ» է, կամ այն միւսը, որ դպրոց հիմնելու եւ կառուցելու պարագային ապազգայնացնող իմաստութեամբ կ՛ըսէ, որ նման նախաձեռնութիւն «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած է»:

Վերամուտ է: Ինչպիսի՛ օրակարգերով խորհրդաժողովներ կը գուամարենք, ինչպիսի՛ փառասիրական մարմարներու համար լիաբուռն դրամական յատկացումներ կ՛ընենք…

Համազգային գիտակցութեամբ եւ հայ ազգային ապագայի վրայ բացուող խորհրդաժողով մը չ՛արժե՞ր հայ դպրոցը, որպէսզի ան ճահճացումէ դուրս գայ, ազատագրուի տնտեսական փերեզակութեան հաշիւներէ, հասնի մասնագիտական բարձրագոյն որակի, նաեւ` հայերէնի ուսուցումով: Եւ այդ ըլլայ հարազատ եւ անխարդախ ղեկավարութիւններու առաքելութիւնը:

Որպէսզի, երբ տեղեկագիր կարդացուի, այլ յաջողութիւններու շարքին, հպարտութեամբ ըսուի, որ յիսուն շրջանաւարտներու գէթ կէսը գրական հայերէնով մէկ էջ կրնայ գրել` առանց ուսուցիչին օգնութեան:

Որպէսզի օր մը, ինչպէս հայ մարդու օտարացած զաւակները ըսին, «մեր հայրը այս հարցերուն մասին երբեք չէ խօսած մեզի»…

Որպէսզի օր մը պատմաբանը չըսէ, որ հայ ղեկավարութիւնը, հայ գրողը, հայկական հաղորդակցական միջոցները, ինչ-ինչ հաշիւներով չեն խօսած այս հարցերուն մասին:

Սկսելու համար, մեր կեանքի բոլոր մակարդակներուն, հարկ է վերստին եւ իրապէս վերարժեւորել հայերէնը, հայ ուսուցիչը, հայերէնով թերթը եւ գիրքը, հայ գրողը…

Այս կ՛ըլլայ դատարկ ջոջականութիւնը յաղթահարող, տոկալու եւ տեւելու ռազմավարութիւն:

Չըլլալու համար սկիզբ անորոշ նորի, այլ` շարունակութիւն: Կարդալ Վիգէն Խեչումեանի մոռցուած կամ անծանօթ «Գիրք լինելութեան»-ը:

Վերամուտը տետրակ, մատիտ եւ գիրք չէ միայն: Անոնց հոգի տուող այս տագնապեցնող հարցերն են, որոնց պատասխան պիտի տան իրենք զիրենք յարգող ղեկավարութիւնները:

Եւ` հայանուն մարդիկ ընդհանրապէս. ծնողք, բարերար, եւ բոլոր միւսները:

8 Սեպտեմբեր 2013, Պիքֆայա

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )