Կաթողիկէ Քաղդէացիներու Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, կաթողիկէ քաղդէացիներու պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սագօ, ընկերակցութեամբ հոգեւորականներու բազմանդամ պատուիրակութեան մը, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, հայ կաթողիկէ ներկայ եւ նախկին պետական երեսփոխաններու եւ անձնաւորութիւններու:

Հանդիպման ընթացքին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ողջունեց պատրիարքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր այցելութեան համար: Այնուհետեւ տեղի ունեցած սրտբաց զրոյցին ընթացքին պատրիարք Սաքօ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տագնապալի վիճակին եւ շեշտեց եկեղեցիներու միջեւ միասնական աշխատանքին կարեւորութիւնը: Ան հիմնական նկատեց աշխարհականներուն դերը այս ուղղութեամբ, մանաւանդ հասարակաց եւ քաղաքական գետնի վրայ: Քաղդէացիներու պատրիարքը յայտնեց, որ տագնապներուն լուծումները պէտք է յառաջանան տեղական ուժերուն հետ գործակցութենէն եւ ոչ թէ դիմելով արտաքին միջամտութիւններու, որոնք հիմնական պատճառներն են Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ տագնապներուն:

Հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն փրկութիւնը իրենց հաւատքին մէջ է` ասիկա նկատելով աւելի կարեւոր, քան քանակը: Ան նոյնպէս կարեւոր նկատեց աշխարհականներուն դերը եկեղեցւոյ կողքին: Հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ նաեւ քրիստոնեաներու դժուար պայմաններուն` Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներուն մէջ:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում եւ պատրիարք Սաքօ իր սրտի խօսքը արձանագրեց պատրիարքարանի ոսկեմատեանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )