«Ազդակ»-ի Կազմակերպութեամբ. Զրոյց` «Հայաստանն Ու Համարկումի Մարտահրաւէրը» Նիւթին Շուրջ

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանն ու համարկումի մարտահրաւէրը» խորագիրով զրոյց մը` մասնակցութեամբ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի, «Երեբունի» կայքէջի սեփականատէր եւ գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանի եւ Յովիկ Յովհաննէսեանի: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

«Ազդակ» զրոյցը կազմակերպած էր Հայաստանի Եւրասիական միութեան հետ համարկումի հարցը քննարկումի առարկայ դարձնելու նպատակով:

Զրուցակիցները խօսեցան Եւրասիական Միութեան եւ Մաքսային միութեան անդամակցութեան Հայաստանի գերիշխանութեան, տնտեսութեան, միութեան մէջ որոշումներու որդեգրման մեքանիզմի, Եւրասիական միութեան հաւանական պատկերի, Եւրոպական Միութեան հետ համարկման արգելակման հաւանականութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ներքին կացութեան վրայ հաւանական ազդեցութիւններուն մասին. այդ բոլոր հարցերը քննարկուեցան` Եւրոպական Միութեան հետ համարկման այլընտրանքին հետ բաղդատական մը կատարելով:

Զրուցակիցները ընդգծեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այսպիսի տարողութեամբ որոշումներու որդեգրման մէջ թափանցիկութիւն ապահովելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ խօսեցան Հայաստանի տնտեսական եւ անվտանգութեան մարզերուն պարզած առարկայական կացութեան լոյսին տակ դէպի արեւելք կողմնորոշման ողջմիտ այլընտրանքներու չգոյութեան մասին` աւելցնելով, սակայն, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին:

Զրոյցի տեսանիւթը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES