«Քիմիական Զէնքը Մեր Վրայ Բեռ Է, Եւ Պատերազմի Մը Պարագային Ռուսական Ուժերը Պիտի Միջամտեն» Ըսաւ Ասատ

Նախագահ Ասատ

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի այցելուներ օրաթերթին յայտնած են, որ իրենց հետ հանդիպումին ընթացքին Ասատ վստահեցուցած է, որ «ներկայիս կացութիւնը հոյակապ է»: Ան այդ արժեւորումը հիմնաւորելու համար նշած է, որ սկիզբը փորձ կատարուեցաւ հարցը Սուրիոյ սիւննիներու եւ իբրեւ թէ անոնց տիրող փոքրամասնութիւններու միջեւ բախումի վերածել, սակայն կարելի եղած է այդ փորձը շրջանցել: «Այլեւս աշխարհին յստակ դարձաւ, որ անոնք պարզապէս փոքրամասնութիւն մը եւ օտարահպատակներ են, իսկ մենք` Սուրիան ու անոր ժողովուրդը: Անոնք եւ զանոնք գործի լծողները ծրագիր մը կամ պատկերացում մը չունին: Անոնք պաշտպանողական դիրքի վրայ են, իսկ մենք` յարձակողական, եւ անոնց բոլոր կատարածը պարզապէս մէկ դիրքէ միւս դիրք փոխադրուիլն է»:

Ան նշած է, որ Սուրիոյ թշնամիները, «զիրենք քաղաքական եւ դիւանագիտական շփոթի մէջ ձգելնէս ետք, ջղագրգիռ են» եւ կրնան «ոչ ողջմիտ» կերպով շարժիլ, ուստի «դիւանագիտական, քաղաքական եւ ապահովական մագլցումէ մը մի՛ զարմանաք»:

Խօսելով Սուրիոյ ունեցած քիմիական զէնքերուն մասին` Ասատ յայտնած է, որ «ունինք հազար թոն քիմիական զէնքեր, որոնք արդէն մեր վրայ բեռ են: Անոնցմէ ձերբազատիլը մեծ գումարներու եւ տարիներու կը կարօտի, կը ստեղծեն կենսոլորտային մարտահրաւէրներ եւ հարցեր, զորս պէտք է լուծել, ուստի թող գան եւ զանոնք առնեն»` աւելցնելով, որ «քիմիականը անոնց նպատակը չէ: Անոնք կ՛ուզէին ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխել եւ Իսրայէլը պաշտպանել: Մենք սեղանը շրջեցինք եւ գնդակը անոնց դաշտը նետեցինք, ուստի ամերիկեան ու եւրոպական հասարակական կարծիքին եւ ինքնին ամերիկեան վարչակազմին մէջ նեղ կացութեան մատնուեցան»:

Ան նշած է, որ քիմիական զէնքերու կորուստը ռազմավարական կորուստ մը չի նկատուիր, որովհետեւ անոնք արդէն անցեալ դարու 80-ական թուականներուն արտադրուած են իբրեւ իսրայէլեան հիւլէական ռումբին հակակշիռ եւ «այսօր դադրած են հակակշռող զէնք ըլլալէ: Այսօր ունինք Իսրայէլը հակակշռող աւելի կարեւոր ու արդիական զէնքեր եւ կրնանք քանի մը վայրկեանի մէջ անոր աչքերը կուրցնել»:

Ան ըսած է, որ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնն ու համակարգումը «աննախադէպ մակարդակ»-ի հասած է, եւ «ռուսական ամբողջական երաշխիքներ ունինք, թէ Սուրիոյ դէմ որեւէ պատերազմի շղթայազերծման պարագային ռուսական ուժերը ուժեղ կերպով պիտի միջամտեն»:

Լաւրով. «Քերրիի Յանձնեցի Քիմիական Զէնքով
Յարձակումին Սուրիական Ընդդիմութեան
Մեղսակցութիւնը Փաստող Տեղեկութիւններ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մենք կը կարծենք, որ 21 օգոստոսին Ղութայի մէջ կատարուած յարձակումին ընդդիմութեան մեղսակցութեան շատ համոզիչ փաստեր գոյութիւն ունին»` աւելցնելով, որ «Նիւ Եորքի մէջ մեր վերջին հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի փոխանցեցի շարք մը տեղեկութիւններ, որոնք Դամասկոսի մօտ քիմիական զէնքով յարձակումին սուրիական ընդդիմութեան մեղսակցութիւնը կը փաստեն: Այդ տեղեկութիւնները նորութիւն չեն, այլ զանոնք կարելի է տեսնել համացանցին վրայ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնած են, որ սուրիական քիմիական զէնքերուն հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը պէտք է Ժընեւի համաձայնութեան համահունչ ըլլայ:

Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները Սուրիան քիմիական զէնքերէ զինաթափելու վերաբերեալ բանաձեւի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Սակայն ՄԱԿ-ի ժողովներուն մասնակից ռուսական պատուիրակութեան մէկ անդամը հետագային յայտնեց, որ համաձայնութեան մասին տեղեկութիւնները «պարզապէս մեծ տէրութեանց փափաքներն են»:

Share this Article
CATEGORIES