Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆՑՆՈՂ երեքշաբթի առեւանգուած փաստաբան Ռաղիպ Հասան Տալլուլ երէկ գտնուեցաւ Զահլէի բնակարաններէն մէկուն մէջ: Առեւանգեալը յայտնաբերած ապահովական մարմիններ հետաքննութիւն բացած են` ստուգելու համար առեւանգումի դէպքին «ենթադրեալ» ըլլալը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղեց խորհրդարանական զանազան մարզերու յանձնախումբերուն ժողով գումարելու յառաջիկայ երեքշաբթի օր` քննարկելու համար օրակարգի վրայ եղող աւելի քան 12 նիւթեր:
ՉՈՐՍ հոգի սխալմամբ վիրաւորուեցան երէկ Սայտայի Այն Հլուէ գաղթակայանին մէջ պսակի առիթով կատարուած հրճուանքի կրակոցներու ընթացքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ապահովական ուժեր երէկ երկու սուրիացիներ ձերբակալեցին Քֆարզպիանի մէջ` խափանարարական եւ ապահովական խախտումի միտող յանցագործութեան մեղադրանքով:
ՄԱՆՈՒԿ մը զոհ գնաց երէկ, երբ որսի զէնքով կը խաղար եւ սխալմամբ բլթակին կոխած էր: