Սայտայի Բախումներուն Ոտքէն Վիրաւորուելէ Ետք`. Շէյխ Ահմետ` Ասիր` Քաթարի Դեսպանատան Մէ՞ջ
Լիբանանեան «Տիար» օրաթերթին համաձայն, շէյխ Ահմետ Ասիր դիւանագիտական ինքնաշարժով Սայտայի Թաամիր շրջանէն տեղափոխուած է Ծոցի երկիրներէն դեսպանատուն մը, շատ հաւանաբար` Քաթարի դեսպանատուն: Ըստ «Տիար»-ի, Ասիր կը թուի թէ Սայտայի Ապրա շրջանի բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած է ձախ սրունքէն:
CATEGORIES Լիբանանեան


