Վերահաստատելով Հարաւային Արուարձաններու Ապահովութեան Ծրագիրի Յաջողութիւնը. «Քրիստոնեաները Եթէ Միանան Կրնան Աւելի Զօրաւոր Որոշումներ Տալ» Յայտնեց Մարուան Շարպել

Մարուան Շարպել

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ վերահաստատեց, որ Հարաւային արուարձաններու ապահովութեան ծրագիրը կը շարունակէ գործադրուիլ յաջող կերպով:

Թրիփոլիի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել կրկնեց, թէ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը քաղաքական է, աւելի քան ապահովական: Միւս կողմէ, քրիստոնեաներու իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով Շարպել ըսաւ. «Վախ չկայ քրիստոնեաներու կացութեան գծով, բացի իրենք իրենցմէ: «Եթէ քրիստոնեաները համաձայնին, անոնք կրնան աելի զօրաւոր որոշումներ տալ եւ աւելի հեղինակաւոր ազդեցութիւն ունենալ դէպքերու ընթացքին վրայ», ընդգծեց Շարպել:

 

Share this Article
CATEGORIES