Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Նախկին Նախագահ Էմիլ Լահուտի

Զասպիքին – Լահուտ հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին երէկ այցելեց նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտի` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանային եւ լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմի նորագոյն զարգացումները:

Այս առիթով Սուրիոյ քիմիական զէնքերու հարցին շուրջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Զասպիքին ըսաւ. «Պէտք չկայ 7-րդ կէտին, կը խորհիմ, որ ՄԱԿ-ի նրբանցքներուն մէջ կը պատրաստուի սուրիական քիմիական հարցի նպաստաւոր լուծման բանաձեւ մը»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )