Սինիորա-Պըրրի Անակնկալ Հանդիպում

Սինիորա եւ Պըրրի

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ երեկոյեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Այն Թինէ, ուր գլուխ-գլխի խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ  Պըրրիի հետ: Մեկնումի պահուն լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Սինիորա «լաւ եւ շինիչ» որակեց Պըրրիի հետ իր խորհրդակցութիւնները:

Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը լիբանանեան նիւթ է եւ պէտք է արծարծուի ու լուծուի Լիբանանի մէջ: Նշենք, որ անցնող մայիս 2013-էն ի վեր ասիկա առաջին խորհրդակցութիւնն է Սինիորայի եւ Պըրրիի միջեւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )