Տարակարծիք Կողմերու Փոխադարձ Հակազդեցութիւններու Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Կ՛արծարծուի Տեղական Ու Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Քարամէ եւ Պըրրի

Այն միջոցին, երբ տեղական թէ արտաքին քաղաքական ու տնտեսական շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են դէպի Նիւ Եորք, Պէյրութի մէջ մեկնաբաններ զանազան կողմերու ղեկավարներուն յայտարարութեանց ընթերցումներէն մեկնելով դիտել տուին, թէ ամիսներէ ի վեր առկախ մնացած կառավարութեան կազմութեան հարցը վերստին կ՛արծարծուի զանազան ուժերու ղեկավարներուն կողմէ` տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ:

Արդարեւ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթանքի նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին Պըրրիի վերագրելով իր խօսքերը յայտնեց, թէ ներկայիս առաջնահերթութիւնը կառավարութեան կազմութիւնն է, եւ այս գծով ճիգերը կը շարունակուին:

Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հըրտան կոչ ուղղեց բոլոր կողմերը ընդգրկող համապարփակ կառավարութեան մը կազմութեան:

Արտաքին Մակարդակի Վրայ Եւս

Սէուտական «Օքազ» թերթը, լիբանանցի նախարարներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ արտաքին կողմեր կ՛ընդառաջեն նախագահ Սլէյմանի կոչին` համերաշխ կառավարութեան մը կազմութեան գծով:

«Այս հարցը այլեւս տեղական հարց չէ միայն, այլ անիկա շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ կ՛արծարծուի, եւ սերտ ճիգեր կը տարուին այս ուղղութեամբ», հաստատեց նոյն աղբիւրը:

Նմանապէս, ընթացիկ ամսուան աւարտին կառավարութեան կազմութեան գծով գործնական քայլեր ակնկալող կողմերու համաձայն, ամերիկացի եւ ֆրանսացի դեսպանները եւս իրենց քուլիսային ճիգերուն մէջ անհրաժեշտ կը նկատեն կառավարութեան կազմութիւնը` զարկ տալու համար Լիբանանի զօրակցութեան իրենց ճիգերուն:

Share this Article
CATEGORIES