Դրուատելով Նախագահ Սլէյմանի Ճիգերը`. Լիբանանի Զօրակցութեան Եւ Օժանդակութեան Միջազգային Մարմինը Քննարկեց Լիբանանի Իրավիճակը

ՄԱԿ-ի «Լիբանանեան օրեր»-ու հանդիպումներուն եւ նիստերուն ծիրին մէջ, նախանցեալ երեկոյեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն նախագահեց Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միջազգային մարմինի ժողովին` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ պատկան երկիրներու եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն: Ժողովականները քննարկեցին Լիբանանի այժմու իրավիճակը` տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային դիտանկիւնէն, յատկապէս սուրիացի գաղթականներու շեշտուող հոսքի լոյսին տակ:

Անոնք նաեւ դրուատեցին Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու միասնականութիւնը պահանջող նախագահ Սլէյմանի ճիգերը: Ժողովականները ողջունեցին այս գծով բարեկամ երկիրներու եւ կազմակերպութեանց, յատկապէս Միջազգային դրամատան օժանդակութեան քայլերը: Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին անյապաղ ճիգերով փութացնել լուծումը Լիբանանի դիմակալած ընկերային, մարդկային, տնտեսական թէ այլ հրատապ հարցերուն: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին համերաշխ կառավարութեան մը կազմութեան յանգող ճիգերու արդիւնաւորման:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Միշել Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ մարմինի մասնակից  օժանդակող երկիրներուն եւ կազմակերպութեանց` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը պէտք ունի որակաւոր զէնքերու` դիմակալել կարենալու համար արմատական հոսանքները, ամենայն  բծախնդրութեամբ ճշդելով իր  թիրախները:

Այս ծիրին մէջ դարձեալ, նախագահ Սլէյման նախքան իր Պէյրութ վերադարձը, երէկ երեկոյեան (Պէյրութի ժամանակացոյցով)  հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միացեալ  Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի հետ` միասնաբար քննելու համար ամերիկեան օժանդակութեանց  մանրամասնութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի  բանակին յատկացուող օժանդակութեանց: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներ խոստացան 112 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն յատկացնել Լիբանանին,  որու  74 միլիոնը պիտի յատկացուի սուրիացի գաղթականներու հոգածութեամբ զբաղող  կազմակերպութեանց:

Նշենք, որ նախագահ  Սլէյման այսօր Պէյրութ իր վերադարձին, երեկոյեան լիբանանեան պետական «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի կայանէն պատկերասփռուող հարցազրոյցով պիտի անդրադառնայ Նիւ Եորքի եւ յատկապէս` Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միջազգային մարմինի խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )