Եւրոպացի Երեսփոխանները Անգամ Մը Եւս Դատապարտած Են Ազրպէյճանը

24 սեպտեմբեր 2013-ին Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-զրոյց մը` Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներուն շուրջ: Անգամ մը եւս, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու թիւ մը քննադատեց Ազրպէյճանը` հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: Եւրոպացի երեսփոխանները շեշտեցին, որ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը «հիւրընկալուին» երկրի բանտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` հիմնական մարդկային իրաւունքները, ինչպիսին են ազատ արտայայտուելու եւ ազատ հաւաք կազմակերպելու իրաւունքները, կը խախտուին իշխանութիւններուն կողմէ: «Կ՛ուզենք տեսնել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ:

Շրջանին մէջ Ազրպէյճանը ունի քաղաքական բանտարկեալներու ամէնէն բարձր թիւը, նոյնիսկ Պիելոռուսիայէն աւելի», ըսաւ Անա Կոմես (Ընկերվարականներ եւ ժողովրդավարներ, Փորթուգալ): Եւրոպայի արտաքին յարաբերութեանց գերատեսչութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ «ժողովրդավարութիւնը հիմնական հարց է կայուն յարաբերութիւն ունենալու համար, եւ մենք պիտի շարունակենք աւելին ակնկալել Ազրպէյճանէն»:

Ազրպէյճանի երեսփոխան Ֆուատ Մուրատով ըսաւ, որ Եւրոպան փաստ չունի Ազրպէյճանի սխալ ընթացքը ապացուցելու համար: Անոր գործընկեր Ասիմ Մոլլազատէն իբրեւ իր երկրի յառաջդիմութեան փաստ նկատեց Ազրպէյճանի` շրջանին մէջ ամէնէն արագ համացանց ունենալու իրողութիւնը: Վերոնշեալները խստիւ դատապարտուեցան եւրոպացի երեսփոխաններուն կողմէ` իբրեւ Ազրպէյճանի իրականութիւնը չարտայայտող յայտարարութիւններ:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, թէ դարձեալ մատնանշուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: «Որքա՞ն ժամանակ տակաւին Եւրոպան պիտի պահէ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնը ակնկալութիւններու եւ մաղթանքներու մակարդակին վրայ: Հասած է այն պահը, երբ Եւրոպան պէտք է խօսքը վերածէ գործի եւ սկսի պահանջել` փոխանակ յոյսերու վրայ մնալու», ընդգծեց Գասպար Կարապետեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )