Այսօր Կը Սկսին Ծախուիլ Հայաստան – Պուլկարիա 2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցումին Տոմսերը

Ինչպէս ծանօթ է, 11 հոկտեմբեր 2013-ին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Պուլկարիա մրցումը, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշեց, որ այս մրցումին տոմսերը կը սկսին ծախուիլ ուրբաթ, 27 սեպտեմբերէն սկսեալ` մարզադաշտին շուրջ գտնուող տոմսավաճառներուն, «Երեւան Սիթի»-ի եւ «Հիւմել» վաճառատուներուն մէջ:

Հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւններուն գինն է 3000 դրամ, արեւելեանինը` 5000 դրամ, իսկ արեւմտեանինը` 8000 դրամ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )