Մասքերանօ 15 Օրէն Աւելի Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ կեդրոնի յետսապահ Խաւիէ Մասքերանօ (Արժանթին) 15 օրէն աւելի պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ ան իր կազմին կատարած վերջին մրցումին (Ռէալ Սոսիետատի դէմ) վիրաւորուեցաւ:

Ան այսպիսով կը միանայ ակումբի վիրաւորներու խումբին` Եորտի Ալպայի եւ խմբապետ Քարլես Փիւյոլի, որոնք այլ առիթներով վիրաւորուած էին:

Անոնց բացակայութիւնը կրնայ քիչ մը նեղ կացութեան մատնել մարզիչ Ժերարտօ Մարթինոն, որ յառաջիկայ երեքշաբթի կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Սելթիքի դաշտին վրայ («Չեմփիընզ լիկ»):

Share this Article
CATEGORIES