Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Արսենալ – Չելսի Դ. Հանգրուանի Հետաքրքրական Ճակատում
Վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք կատարուեցաւ Դ. հանգրուանի վիճակաձգութիւնը:
Արսենալ, որ փենալթիներով` 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ուեսթ Պրոմուիչի, իր դէմ պիտի ունենայ Չելսին: Վերջինս 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սուինտըն Թաունին (Գ. դասակարգ):
Իսկ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ նուազագոյն հաշուով յաղթեց Լիվըրփուլին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Նորուիչը:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Պիրմինկհեմ (Բ. դասակարգ), որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսակիր Սուանզին` արձանագրելով 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ստորեւ` Դ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը (փակագիծերուն մէջ նշուած է, թէ խումբերը ո՛ր դասակարգին կը պատկանին. մրցումները տեղի պիտի ունենան 28 հոկտեմբերին).
Սանտըրլենտ – Սաութհեմփթըն
Լայսթըր Սիթի (Բ.) – Ֆուլհեմ
Պիրմինկհեմ (Բ.) – Սթոք Սիթի
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Նորուիչ
Պըրնլի (Բ.) – Ուեսթ Համ
Արսենալ – Չելսի
Թոթենհամ – Հալ Սիթի
Նիւքասըլ – Մանչեսթըր Սիթի

