Աշակերտական Կեանք Աշխարհի Շուրջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մեր աշակերտները արդէն սկսած են առտուն կանուխ արթննալ եւ բռնել դպրոցի ճամբան: Իսկ աշխարհի շուրջ ինչպէ՞ս է անոնց առօրեան:

  • Ճափոնի մէջ

Դպրոցի նոր տարեշրջանը կը սկսի ապրիլին: Աշակերտները դպրոց կ՛երթան առտուան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30, կէսօրին 35 վայրկեան դադարով մը: Օրուան վերջաւորութեան աշակերտները կարգով դասարանը կը մաքրեն:

  • Թահիթիի մէջ

Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող այս պզտիկ կղզիին վրայ դպրոցը առտուն շատ կանուխ կը սկսի, ժամը 7:30-ին: Սակայն աշակերտները ազատ են դպրոց գալու ժամը 6:30-էն սկսեալ: Դասերը առտուն կանուխ կը դասաւանդուին, որովհետեւ տակաւին օդը շատ տաք չ՛ըլլար:

  • Ալճերիոյ մէջ

2011-ի վերամուտէն ի վեր ալճերիացի աշակերտները նուազ դասաւանդութեան պահեր ունին: Անոնք դպրոց կ՛երթան առտուան ժամը 8:00 – 11:00, եւ ապա` կէսօրէ ետք 1:30 – 2:30:

  • Միացեալ Նահանգներու մէջ

Դասաւանդութեան ժամերը կը տեւեն ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00: Ամերիկացի աշակերտները շաբաթ օր դպրոց չունին:

  • Փերուի մէջ

Աշակերտները յատուկ տարազ կը հագուին, եւ յաճախ աղջիկներն ու մանչերը տարբեր դպրոց կ՛երթան: Ամէնէն փոքրերուն դպրոցը կը տեւէ առտուան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00: Աւելի բարձր կարգերու պարագային դասերը կրնան տեւել մինչեւ իրիկուան ժամը 9:00:

  • Պրազիլի մէջ

Բոլոր աշակերտները կարենան ընդունելու համար դպրոցները իրենց օրերը երեքի կը բաժնեն: Աշակերտները 4 ժամ դաս ունին` կա՛մ առտուն, կա՛մ կէսօրէ ետք, կա՛մ ալ նոյնիսկ իրիկունը: Հոն երբեմն դասարանները 40-50 աշակերտ կ՛ընդունին: Ուսուցիչին գործը վստահաբար դիւրին չէ…

  • Մատակասքարի մէջ

Հնդկաց ովկիանոսի այս կղզիին մէջ աշակերտները օրական 5 ժամ դաս ունին: Իսկ ամէն առտու անոնք ներկայ կը գտնուին դրօշակի արարողութեան` դպրոցին բակին մէջ:

  • Գերմանիոյ մէջ

Դպրոցը կը սկսի առտուն ժամը 7:30-ին կամ 8:00-ին եւ կը վերջանայ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ի շուրջ: Պահերը կը տեւեն միայն 45 վայրկեան: Կէսօրէ ետքերը յատկացուած են մարզանքի կամ ուրիշ մշակութային ժամանցներու (երաժշտութիւն, թատրոն…):

 

Ժամանց

Նո՞ր Խաղ Մը

Գլանի նման փայտի այս կտորներով խաղը վերջին նորոյթն էր այս ամառ: Շատ հաճելի խաղ մը` ամբողջ ընտանիքին համար:

Սկզբունքը շատ պարզ է. իւրաքանչիւրը կը խաղայ իր կարգին: Քով-քովի, 1 – 12 շարուած գլանները պէտք է տապալել ուրիշ գլան մը` մոլքին նետելով:

Առաջին խաղցողը, որ ճիշդ 50 կէտ կը նշանակէ, կը յաղթէ: Սակայն այդ թիւերը հաւաքելու համար պզտիկ հնարք մը կայ. եթէ միայն մէկ գլան իյնայ, խաղցողը վրան նշուած թիւին չափ կէտեր կը շահի: Եթէ բազմաթիւ գլաններ իյնան, խաղցողը կը նշանակէ ինկած գլաններուն թիւը: Իւրաքանչիւր զարկի ընթացքին գլանները դարձեալ կը կանգնեցուին, սակայն` իրենց ինկած տեղը: Այս ձեւով, կամաց-կամաց, խաղին սահմանները կը հեռանան սկիզբի գիծէն եւ կ՛ընդարձակուին: Սակայն ուշադրութի՛ւն. եթէ խաղցող մը 50-ը անցնի, անոր հաշիւը կ՛իջնէ 25-ի:

***

Այս խաղը նոր չէ, այլ եկած է Ֆինլանտայէն: Ասիկա «Քիիքքա» կոչուած աւանդական խաղի մը արդի տարբերակն է: 1996 թուականին ֆինլանտական պզտիկ հաստատութիւն մը, որ կը զբաղի դժուարութիւններ ունեցող անձերով, մտածած է «վերանորոգել» այս խաղը եւ զայն շուկայ իջեցնել:

Մոլքին մեծ յաջողութիւն գտած է ո՛չ միայն Ֆինլանտայի մէջ, այլ կամաց-կամաց նուաճած է նաեւ ուրիշ երկիրներ: Գոյութիւն ունի նոյնիսկ մոլքիի ախոյեանութիւն մը:

Խաղին մեծ առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ կարելի է խաղալ որեւէ մէկ տարիքի, եթէ գիտենք առարկայ մը նետել: Հետեւաբար այս խաղը կ՛ուղղուի ամբողջ ընտանիքին, ամէնէն փոքրերէն մինչեւ մեծ հայրերը: Մասնաւորաբար զօրաւոր կամ քաջ ըլլալը կարեւոր չէ. պարզապէս` քիչ մը կեդրոնացում եւ հնարագիտութիւն: Կարելի է զայն խաղալ որեւէ տեղ, միջանցքի մը մէջ, պարտէզի մը, բակին…

 

Կատուի Մը Եւ Շնիկի Մը Պատմութիւն

Նոր Զելանտայի մէջ Ռորի կատուն թունաւոր նիւթ մը սխալմամբ կլլած էր:

Անոր տէրը զայն տարաւ անասնաբուժական շտապ օգնութեան կեդրոն: Սակայն կատուին վիճակը շատ արագ կը ծանրանար. ան շտապ կերպով արեան պէտք ունէր:

Անասնաբուժը ժամանակ չունէր Ռորիին արիւնը քննել` անոր արեան տեսակը գիտնալու համար: Հետեւաբար ան գործածեց դրացուհիին շնիկին արիւնը: Ճիշդ է, որ նման գործողութիւն շատ ընթացիկ բան մը չէ, սակայն ան յաջողած է փրկել կատուին կեանքը:

***

Քանի մը օր ետք Ռորի արդէն ոտքի էր: Ան իր ուժերը ամբողջովին վերագտած է: Տարբեր տեսակի անասուններու միջեւ արեան փոխանակումները շատ հազուադէպ են. սակայն այս փորձառութիւնը կը փաստէ, թէ անոնք անկարելի չեն:

 

Հետաքրքրական

  • Մեր երկրագունդը 4.5 միլիառ տարեկան է:
  • Զուիցերիան միակ երկիրն է, որուն դրօշակը քառակուսի է: Անիկա կարմիր խորքի վրայ ճերմակ խաչ մը կը պարփակէ:
  • 7000 տարիներէ ի վեր Եւրոպայի մէջ մարդիկ պանիր կը շինեն: Լեհաստանի մէջ գտնուած են պանիրի պատրաստութեան համար գործածուած կաղապարներ:
  • Անջրպետին մէջ ամէնէն երկար ժամանակ անցուցած մարդը ռուս Վալերի Փոլիքովն է: Ան անջրպետի կեդրոնին մէջ մնացած է մէկ տարիէն աւելի, 437 օր:
  • Ռնգեղջիւրին եղջիւրը կազմուած է քերաթինէ` մազերուն եւ եղունգներուն նման:
  • Աշխարհի վրայ ամէնէն աւելի տարածուած հիւանդութիւնը ակռայի փտութիւնն է:
  • 3 ապրիլ 1973-ին է, որ բջիջային հեռաձայնային առաջին խօսակցութիւնը եղած է: Ահա 40 տարիներ ետք, մարդիկ այլեւս առանց անոր գրեթէ չեն կրնար ապրիլ: Առաջին բջիջային հեռաձայնը եղած է «Մոթորոլա տինաթաք 8000»: Անիկա շուկայ իջած է 1989-ին, տասը տարուան փորձերէ ետք:
  • 2007 թուականին ամերիկացի աստղանաւորդ մը իր նկարչական մեքենան անջրպետին մէջ կորսնցուցած է: Այդ թուականէն ի վեր այդ մեքենան մեր գլուխներուն վերեւ, շատ հեռու կը թռչի…
  • Երբ մենք ծովափէն կը դիտենք հորիզոնը, անիկա կը գտնուի 4 քմ հեռու:
  • Աշխարհի ամէնէն մեծ կատուազգին Սիպերիոյ վագրն է: Անոր դունչին ծայրէն մինչեւ պոչին ծայրը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3,50 մեթրի:
  • Մազ մը ամէն ամիս  մօտաւորապէս 1 սմ կ՛երկարի:
  • Ֆրանսայի Պրըթանիը շրջանին մէջ «Քլուաթր» տպարանը ներկայացուցած է նոր թուղթի տեսակ մը: Այս թուղթը պատրաստուած է գետնախնձորի կեղեւէ:
    «Քիւրիուս մաթթըր» կոչուած այս նոր թուղթը  կը նմանի որեւէ մէկ ուրիշ թուղթի եւ գետնախնձոր չի հոտիր:
    Այս հաստատութիւնը արդէն 2011 թուականին գործածած էր ուրիշ թուղթ մը, որ 50 առ հարիւր կանաչ ջրախոտէ բաղկացած էր:
  • Աւստրալիացի Լէոն Ռոմ 8 տարիներէ ի վեր անգլերէն կը խօսի ֆրանսական հնչիւնով մը: Ան բնաւ Ֆրանսա չէ ճամբորդած, իսկ նախակրթարանի ֆրանսերէնի պահերը շատ հեռաւոր յիշատակ մըն են: Ան ունեցած է արկած մը եւ հարուած մը ստացած գլխէն: Բժիշկները այս երեւոյթը կը կոչեն «Օտար հնչիւնի ախտանշանը»: Աշխարհի մէջ ծանօթ միայն 70 պարագայ գոյութիւն ունի:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս բոլոր մատիտները կարգով հանել` միշտ ամէնէն վրայինը առնելով, որպէսզի միւս մատիտները չթափին:

Ի՞նչ բռնած է մանչուկը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )