ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.- ԵՒՐՈՊԱՅԻ 19 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` 8-1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՋԱԽՋԱԽԵԼԷ ԵՏՔ ՆՈՐՎԵԿԻԱՆ
Նախորդ շաբաթավերջին, Իմոլայի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցաւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Գերմանիա եւ Նորվեկիա:
Միակողմանի մրցումէ մը ետք, Գերմանիա չորրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց բաժակը` 8-1 արդիւնքով ջախջախելէ ետք իր մրցակիցը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ աւարտական մրցումին, նմանօրինակ արդիւնք կ՛արձանագրուի:
Գերմանիոյ աղջկանց մարզիչն է Մերըն Մայնըրթ:
CATEGORIES Մարզական