ՁԻԱՐՇԱՒ. ՖՐԱՆՍԱ ՊԻՏԻ ՕԺԱՆԴԱԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

Հայաստանի ձիարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հայրապետ Հայրապետեան նախորդ շաբաթավերջին կատարած իր մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսայի ձիարշաւի ֆետերասիոնը իր օժանդակութիւնը պիտի տրամադրէ, որպէսզի այս մարզաձեւը լաւապէս կիրարկուի եւ անիկա յառաջխաղացք արձանագրէ Հայաստանի մէջ:

Եւրոպայի մէջ հայկական ձիարշաւի դեսպան Քրիսթիան Զատիկեան յայտնեց, որ Ֆրանսայի ձիարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Լեն, որ արդէն իսկ կը գտնուի Հայաստան, որոշ գաղափար մը կազմելէ ետք այս ուղղութեամբ ըսած է, որ կարգ մը փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին ձիարշաւարաններուն մէջ:

Ֆրանսացի մասնագէտը նշած է, որ ներկայ հանգրուանին ձիարշաւարաններուն մէջ վիճակը ընդհանուր առմամբ կարելի է նկատել բնական, սակայն պէտք է վազքուղիները աւելցնել եւ ախոռներուն վիճակը բարելաւել:

Իր խօսքին մէջ Հայրապետեան ըսաւ, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ պիտի բացուի յատուկ դպրոց մը, ուր ֆրանսացի մասնագէտները պարբերաբար դասընթացքներ պիտի տան` հայկական ձիարշաւի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES