ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ՊԱԹԸՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԱՆՁՐԵՒՈՏ ԵՒ ԱՐԿԱԾՆԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿՐԱՆ ՓՐԻԻՆ
Երէկ տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2011 տարեշրջանի 7-րդ կրան փրին` Քանատայի մէջ:
Անձրեւոտ եւ բնականաբար արկածներով հարուստ այս կրան փրին աւարտեցաւ Մաքլարըն Մերսետեսի անգլիացի վարորդ Ենսըն Պաթընի յաղթանակով: Ան 70-րդ եւ վերջին լեփին օգտուելով գերմանացի Սեպասթիան Վեթելի (Ռետ-Պուլ) մէկ փոքր սխալէն (վերջինիս ինքնաշարժը սահեցաւ), տիրացաւ տարեշրջանի իր առաջին կրան փրիին` արձանագրելով 4 ժամ 4′ 39″ արդիւնք մը:
Այս կրան փրին բաւական երկար տեւեց` նկատի ունենալով, որ 25-րդ լեփին անիկա բաւական ժամանակ մը ընդհատուեցաւ տեղատարափ անձրեւուն պատճառով, երբ վազքուղիին վրայ փոքր լճակներ կազմուեցան:
Նշենք, որ Վեթել յաջորդաբար եօթներորդ անգամ ըլլալով բարձրացաւ փոտիում` հինգ անգամ առաջին իսկ երկու անգամ երկրորդ դիրքը գրաւելէ ետք:
Երրորդ հանդիսացաւ Ռետ Պուլի այլ վարորդ մը` աւստրալիացի Մարք Ուեպըր: