ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԷ ՄԻՔԱՅԻ
Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ երկկողմանի համաձայնութիւն մը գոյացնելէ ետք Յովհաննէս Գրիգորեանի հետ, կնքուած պայմանագիրը խզուեցաւ:
Գրիգորեան, որ նախորդ ձմրան մաս կազմեց Շիրակի, ընտանեկան պատճառներով լքեց իր ակումբը:
Սակայն հայկական լրատու աղբիւրներու համաձայն, Գրիգորեան պիտի շարունակէ տեսնուիլ հայաստանեան դաշտերուն վրայ` նկատի ունենալով, որ ան մաս պիտի կազմէ Միքա Երեւանի: Նշենք, որ անոր ակումբը յառաջիկայ յուլիսին պիտի մասնակցի «Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:
Նշենք, որ Գրիգորեան նախապէս ելոյթ ունեցած է նաեւ Բանանցի եւ Գանձասարի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականին հետ:
CATEGORIES Մարզական


