ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՔՐԱՍՆՈՏԱՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈԼԸ

Եուրա Մովսիսեան (ձախին)

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռոսթովի դաշտէն:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ Քրասնոտարի հետ դաշտ ներկայացաւ մրցումին ամբողջ տեւողութեան, նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը (46-րդ):

Նշենք, որ Մովսիսեան կատարեց առաջին կոլին փոխանցումը:

Քրասնոտար, որ այժմ ունի 14 կէտ, 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վաղը` երեքաշաբթի, 14 յունիսին պիտի հիւրընկալէ Նիժնի Վոլկան:

Share this Article
CATEGORIES