«Հայաստանը Կորսնցուց Իր Եւրոպական Հեռանկարը» Կ՛ըսէ Էլմար Պրոք
«Ոչ թէ մենք Հայաստանը կորսնցուցինք, այլ Հայաստան կորսնցուց իր եւրոպական հեռանկարը. ասիկա է ճիշդ մօտեցումը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փոխնախագահ Էլմար Պրոք: Ան աւելցուց, որ Հայաստան այդ կորուստը ունեցաւ Ռուսիոյ կողմէ անհաւանական մեծ ճնշումին պատճառով, որ անվտանգութեան հարցով ճնշում էր:
«Ահա թէ ինչու պէտք է ըսեմ, որ ուղղակի անընդունելի էր Ռուսիոյ կողմէ բանեցումը այսպիսի ճնշումներու, զորս անոնք կը կիրարկեն, որպէսզի կանխեն երկիրներու ինքնիշխան որոշումները` անդամակցելու իրենց նախընտրած միութեան», յայտարարեց Պրոք:
Այս շաբաթ աւելի կանուխ Եւրոպական խորհրդարանը կը քննարկէր Եւրոպական Միութեան դրացնութեան ծրագիրի քաղաքականութեան յառաջընթացի զեկուցումը:
Հայաստանի վերաբերող գլուխը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի` հաշուի առնելով Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի որոշումը: Եթէ ամրան ներկայացուած զեկուցումին մէջ կ՛ըսուէր, որ Հայաստան Ընկերակցութեան համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ բաւական յառաջընթաց արձանագրած է` հակառակ ժողովրդավարութեան որոշակի պակասին, ապա Եւրոպական խորհրդարանի առաջարկով հիմա Հայաստանի բաժինով լուրջ փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին:
Եւրոպական խորհրդարանի ամէնէն ազդեցիկ երեսփոխաններէն Եացեկ Վոլսքի, որ Դրացնութեան ծրագիրի ջատագովներէն է եւ Հայաստանի մասով համազեկուցողը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին խոր ափսոսանք յայտնեց Հայաստանի հետ թափուած ջանքերուն եւ ժամանակին համար:
«Մենք կ՛ափսոսանք Ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու յաջողման համար Հայաստանի գործադրած ջանքերուն համար, որոնց իբրեւ արդիւնք բանակցութիւնները աւարտեցան` պատրաստելով Հայաստանի հետ համաձայնագիրի նախաստորագրումին, որմէ ետք Հայաստան որոշեց այլեւս չընկերակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ եւ միանալ Ռուսիոյ նախաձեռնած Մաքսային Միութեան` Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի հետ: Ատիկա ինքնիշխան որոշում է եւ մենք կը յարգենք ատիկա, սակայն կ՛ափսոսանք, որ ի զուր այդքան ջանք եւ ժամանակ վատնուեցաւ երկու կողմերէն ալ», ըսաւ Վոլսքի:
Եւրոպացի երեսփոխաններէն ոմանք կը պնդէին, թէ «Հայաստանի մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, յատկապէս վերջին նորութիւններու խորապատկերին վրայ` միանալ ոչ թէ եւրոպական, այլ եւրասիական շուկային»:
Եւրոպական խորհրդարանի քանի մը այլ երեսփոխաններ ալ յորդորեցին երես չդարձնել Հայաստանէն: Օրինակ, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուս նշեց, որ ինք վստահ չէ, որ Հայաստան ընտրած է այս ուղին` ատիկա մեկուսացուած է եւ երբեմն ստիպուած է որոշումներ տալու: «Մենք պէտք չէ մեր ձեռքերը լուանք, մենք պէտք է Հայաստանին օգնենք ետ բերելու եւրոպական ճամբուն: Եւրոպական միութիւնը նաեւ պէտք է օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին մէջ` հաշուի առնելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը», նշեց յոյն երեսփոխանը:
Նոյն յորդորը ըրաւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի բրիտանացի երեսփոխան Չարլզ Թաննոք` ըսելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին:

