ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Գէորգ Կոստանեանի Հետ Քննարկեց Սահմանադրական Բարեկարգումներու Հարցը
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազի թեկնածու Գէորգ Կոստանեանի հետ:
Խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ քննարկման ընթացքին իրենք անդրադարձած են սահմանադրական բարեփոխումներու խնդիրին` հաշուի առնելով, որ Կոստանեան նախագահին կողմէ ձեւաւորուած յանձնախումբի անդամ է:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը բարձրացուցած է խորհրդարանական կառավարման անցնելու հարցը եւ ցանկացած է լսել դատախազի թեկնածուի տեսակէտը: Վերջինս յանձնախումբին կողմէ քննարկուող հարցերուն չէ անդրադարձած` նշելով, որ անոնք առայժմ գաղտնի կը մնան, սակայն վստահեցուցած է, որ «փոփոխութիւններու կարկինը շատ լայն բացուած է»:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները հանդիպման ընթացքին անդրադարձան նաեւ Պռօշեանի նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան դատին:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ իրենց տպաւորութիւնը դրական է ընդհանուր առմամբ Կոստանեանի հետ քննարկումներէն: Ինքն ալ Կոստանեանը կը ճանչնայ տակաւին Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն եւ դրական տրամադրուած է: ՀՅԴ խմբակցութիւնը տակաւին չէ որոշած, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ Կոստանեանի թեկնածութեան հարցին մէջ: